2015-03-14 11:45:00

Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի այցելութիւնները` Լիբանանի Հոգեւոր Պետերուն։


Ուրբաթ, 13 մարտ 2015-ի առաւoտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած աշխատանքներուն եւ ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հետ առնչուած ծրագիրներուն: Վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց նախարար Յակոբեանի նուիրեալ աշխատանքը` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան առաւել ամրացման գծով:

 

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ուրբաթ, 13 մարտ 2015-ին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Նախարարին կ՛ուղեկցէր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ դեսպան Աշոտ Քոչարեանին: Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ Հ. Մանուէլ եպս. Պաթագեան, պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Հ. Գաբրիէլ Թ. Ծ. վրդ. Մուրատեան, Հ. Վարդան վրդ. Գազանճեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման պատրիարքական յանձնախումբի անդամներ:

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ողջունեց  նախարարը եւ բարձր գնահատեց անոր գլխաւորած նախարարութեան  լայնածիր ծրագիրներն ու աշխատանքը` ուղղուած համայն սփիւռքահայութեան:

Ապա, շուրջ ժամ մը տեւած խօսակցութիւնը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած համազգային ձեռնարկները եւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը տեղեկացուց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան կողմէ ծրագրուած եւ արդէն ընթացք առած ծրագիրներուն մասին եւ շեշտեց բոլոր բեմերուն վրայ միացեալ ճակատով հանդէս գալու հրամայականը: Ան կարեւոր նկատեց մասնաւորաբար մեծաշուք սուրբ պատարագը, որ տեղի պիտի ունենայ 12 ապրիլին Վատիկանի Ս. Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ եւ  որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետը Ս. Գրիգոր Նարեկացին հանդիսաւորապէս պիտի հռչակէ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ: Բացատրելով այս տիտղոսին նշանակութիւնը` հոգեւոր տէրը նշեց, որ  ցարդ միայն 35 սուրբեր արժանացած են այս տիտղոսին: Նարեկացին պիտի ըլլայ 36-րդը: Հոգեւոր տէրը յոյս յայտնեց, որ այս բացառիկ իրադարձութիւնը միաժամանակ կը հանդիսանայ համայն Հայութեան միասնականութեան մէկ արտայայտութիւնը:

Այնուհետեւ խօսակցութիւնը շօշափեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ եւ սփիւռքահայութիւնը յուզող խնդիրներ:

Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

 

Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին հետ:

Հաւաքին քննութեան առարկայ դարձան Լիբանանի Ազգային առաջնորդարան – սփիւռքի նախարարութիւն գործակցութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ նոր կառուցուող Ազգային միացեալ վարժարանի ծրագիրը:

Ապա «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ ի պատիւ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին տեղի ունեցաւ ճաշի մտերմիկ հաւաք մը:

Հանդիպումին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ Հրանուշ Յակոբեան մօտէն ծանօթ է Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան, որովհետեւ ինք մնայուն կերպով կը հետեւի գաղութի գործունէութեան եւ կենսունակութեան: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով նոր կառուցուող Ազգային միացեալ վարժարանը արժէքներ եւ գիտութիւն ջամբող կառոյց մը պիտի ըլլայ, իբրեւ հայութեան գոյատեւման լաւագոյն արտայայտութիւն:

Առաջնորդ սրբազանը աւելցուց. «Մենք կը գիտակցինք, որ Հայաստանը մեր գոյութեան գրաւականն է ու մեզմէ հեռու իրականութիւն չէ, այլ` ներկայ է մեր կեանքին մէջ ու մասնակից է մեր ճիգին եւ տագնապներուն, եւ մենք ալ մեր կարգին փոխադարձաբար ներկայ ենք Հայաստանի ճիգերուն եւ տագնապներուն մէջ»:

Սփիւռքի նախարարին Լիբանանի Ազգային առաջնորդարան այցելութեան առիթով Շահէ եպս. Փանոսեան յուշանուէր մը յանձնեց Հրանուշ Յակոբեանին, որ իր կարգին մեծապէս գնահատեց լիբանանահայ գաղութին ներդրումն ու գործունէութիւնը:

Յակոբեան յայտնեց, որ «Հպարտանքի առիթ է երկու հանրապետութիւններ` Հայաստան ու Ղարաբաղ ունենալը, եւ այս բոլորին կերտման մէջ էապէս մեծ է սփիւռքի զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը»: Հրանուշ Յակոբեան հաստատեց, որ լիբանանահայ գաղութին մէջ ստեղծուած արժէքներն ու դրական աշխատանքները կը տարածուին ամէնուրեք:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` Յակոբեան ըսաւ, որ անկարելի է կասեցնել բողոքի եւ արդարութեան ձայնը 10 միլիոն հայերուն, որոնք 100-ամեակին առիթով պէտք է աւելի ուժեղանան եւ զօրացնեն շարժումը:

 

 

Հանդիպում` Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի Հետ

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ուրբաթ, 13 մարտ 2015-ին, ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, որ հիւրաբար կը գտնուէր Պէյրութ:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին, երկու կողմերը արծարծեցին հայութիւնը յուզող էական հարցեր, նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչուած նիւթեր: Նախարարը շեշտեց աւետարանական համայնքին ունեցած կարեւոր դերը սփիւռքի մէջ եւ յատկապէս անոր կարելիութիւնները հայկական պահանջատիրութիւնը աշխարհի տարբեր ծագերուն լսելի եւ ընդունելի դարձնելու մէջ: Երկու կողմերը ընդգծեցին նման այցելութիւններու կարեւորութիւնը հայրենիք – սփիւռք գործակցութեան եւ կապերու ամրապնդման մէջ:

 

Այցելութիւն` Համազգայինի

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահ եւ դիմաւորուեցաւ տնօրէնութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ցուցասրահի բարերարներուն եւ վարչութեան կողմէ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ դեսպանատան անձնակազմը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինի անդամները:

Յայտնենք, որ հինգշաբթի, 12 մարտին, հովանաւորութեամբ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, Համազգայինի ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուած էր հայրենի ժողովրդական նկարիչ Անատոլի Գրիգորեանի անհատական ցուցահանդէսին: Օրին, այլ անակնկալ պայմանաւորուածութիւններու բերումով, նախարարին Լիբանան հասնիլը ուշացած էր եւ ան չէր կրցած ներկայ գտնուիլ բացման հանդիսութեան:

Ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանին եւ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ ցուցասրահի հիմնադրութենէն ի վեր Հայաստանի հետ ծաւալած անոր գործունէութեան` յայտնելով, որ ցուցասրահը կազմակերպած է հայրենի արուեստագէտներու անհատական թէ հաւաքական աւելի քան 20 ցուցահանդէսներ եւ հիւրընկալած մեծ թիւով հայրենի տաղանդաւոր եւ երիտասարդ գեղանկարիչներ:

Այս առիթով Հրանուշ Յակոբեան խօսք առնելով գնահատեց տարբեր մարզերու մէջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան համագործակցութիւնը նախարարութեան հետ` կեդրոնանալով նաեւ նախարարութեան հիմնադրութենէն ի վեր Համազգայինի ունեցած կարեւոր ներդրումին վրայ: Խօսելով այս ցուցահանդէսին մասին, ան բարձր գնահատեց Գրիգորեանի արուեստը, ինչպէս նաեւ նոր տաղանդներու յայտնաբերման գործին մէջ անոր ունեցած ներդրումը: Աւարտին, Հրանուշ Յակոբեան նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» շքանշանով պարգեւատրեց արուեստագէտը:








All the contents on this site are copyrighted ©.